2017-02-07 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` կոչ ունկնդրելու ստրկացած մանուկներուն ճիչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի փետրուար 7-ին հրապարակած թուիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց անտարբեր չմնալու եւ ունկնդրելու ստրկութեան ենթարկուած բազմաթիւ մանուկներուն ճիչը։

''Ունկնդրենք ստրկացած բազմաթիւ մանուկներուն ճիչը։ Ոչ մէկը անտարբեր թող մնայ անոնց ցաւին դիմաց @M_Rsezione'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.